Jump to content

Վահէ Արմէն

Վահէ Արմէն
Ծնած է 12 Յունուար 1961(1961-01-12)[1] (63 տարեկան)
Ծննդավայր Մաշհադ, Իրան
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թարգմանիչ

Վահէ Արմէն (Խաջատրեան) (պարս․՝ واهه آرمن), ծնած է Իրանի Մաշհադ քաղաքը։

Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ։ 1978 թուականին կը մեկնի Լոնտոն բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Երկու տարի ետք իր հօրը ծանր հիւանդութեան պատճառով կը վերադառնայ Իրան:

1981 թուականէն ի վեր դարձած է հաշմանդամ, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով։ Այնուհետեւ ինքզինքը նուիրած է գրականութեան։

Իր ինքնակենսագրութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալ սրտառուչ տողերը.

«Ինձ պատահած աճդ դէպքը՝ վերածնունդն էր իմ...: Ես վերածնուեցի գրական աշխարհում ապրելու համար: Սկսեցի աւելի լրջօրէն հետեւիլ հաճ եւ միջազգային գրականութեանը, եւ զագացնելով աճն իմ մէջս, գրելու փորձերու սկսեցի 1987 թուականից: Այժմ ենթերցանութիւնն ու գրելը կեանքիս եւ գոյութեանս անհրաժեշտ պայմաններն են»:

«Իմ ուսուցիչներն են՝ Թումանեանը, Չարենցը, Տէրեանը, Հաֆեզը, Տոսլտոյը, Սարոյանը, Ռ. Ռոլանը եւ Սեւակը, ովքեր ապրում են ինձ հետ:

«1988|1988]]-ից անդամակցում եմ Իրանահայ Գրողների Միութեանը. իսկ 1991-ից, խմբագրում եմ «ալիք» օրաթերթի գրական «էջ 404»ը եւ պատասխանատուն եմ այդ յաւելուածի»:

Մօտ ատենէն լոյս կը տեսնէ Վահէ Արմէնի բանաստեղծութիւններուն Դէպի Սկիզբ խորագրով առաջին ժողովրդածուն զոր Թեհրանի Եղիա Բաբումեան գրական-Հրատարակչական ֆոնտի գործադիր մարմինը քննարկելէ ետք վաւերացուցած եւ հրատարակութեան արժանի նկատած է։

Վահէ Արմէն իր արտառուջ տաղերուն ընդմէնէն կ՝ ապրի ու կ՝ ապրեցնէ մեզ։ Ոճը թէ մեղմ է թէ տիրական։ Առինքնող են իր խոհերը. իմաստութիւն ու համակերպութիւն կը բուրեն։ Շատեր գրած են հայրենիքի մասին սակայն Վ. Արմէնի «Արիւնակցութիւն» քերթուածը գերէզանցօրէն գեղեցիկ է, ինքնուրոյն ու սրտագրաւ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]