Jump to content

Նար-Դոս

Նար-Դոս
Ծննդեան անուն հայ.՝ Միքայել Զաքարի Հովհաննիսյան
Ծնած է 1 (13) Մարտ 1867[1]
Ծննդավայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1]
Մահացած է 13 Յուլիս 1933(1933-07-13)[2] (66 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[2][1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Տեսակ պատմուածք եւ նորավէպ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, վիպասան
Աշխատավայր Նոր Դար[1]
Երեխաներ Նար Հովհաննիսյան?

Նար-Դոս (Միքայէլ Յովհաննէսեան) (1 (13) Մարտ 1867[1], Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1] - 13 Յուլիս 1933(1933-07-13)[2], Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[2][1]), հայ արձակագիր։

Ծնած է Թիֆլիս, ընտանեկան համեստ միջավայրի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական դպրոցին մէջ, սակայն ուսումը կը մնայ կիսկատար, հակառակ ջանասիրութեան եւ լրջութեան։ Կ՛աւարտէ արհեստից վարժարան մը, բայց հակումը զինք կը մղէ դէպի խմբագրական ասպարէզ. կը դառնայ թերթերու սրբագրիչ։ Ունեցած է առասպելական աշխատասիրութիւն։

Կ՛աշխատակցի Թիֆլիսի թերթերէն «Նոր Դար» եւ «Սուրհանդակ»-ին։ Ատեն մը ետք, կ՛ըլլայ պաշտօնեայ «Նոր Դար»ի` իբր սրբագրիչ։ 1880-ական տարիներուն, նախ կը փորձէ թատերական սեռը. իր նախափորձերը կը զգացնեն Գ. Սունդուկեանի ազդեցութիւնը։ Սակայն շուտով կը կեդրոնանայ պատումի վրայ եւ լոյս կ՛ընծայէ առաջին պատմուածքներն ու վիպակները։

Միշտ խմբագրական պաշտօնեայ, լռակեաց ու մենաւոր մարդ՝ Նար-Դոս 1900 թուականի շուրջ կը սկսի տալ իր հասունութեան գործերը` վիպակներ եւ վէպեր։ Իսկ 1912-ին, բազմաթիւ սրբագրութիւններէ եւ հրատարակութեան փորձերէ ետք, վերջապէս լոյս պիտի տեսնէ «Մահը» վէպը՝ իր վերջին տարբերակով։

Պատերազմը, Անդրկովկասի վերիվայրումներն ու խորհրդայնացումը, փոփոխութիւն պիտի չբերեն Նար-Դոսի կեանքի միօրինակ, կանոնաւոր ընթացքին մէջ։ Մինչեւ մահ, ան պիտի մնայ Վրաստանի գրողներու միութեան անդամ։

  • «Մեր Թաղը», 1926
  • «Աննա Սարոյեան», պատմուածք, Թիֆլիս, 1890
  • «Իմ Տիրուհու Աղջիկը», պատմութիւն, Թիֆլիս, 1902
  • «Նոր Ծնուած Երեխան», Վաղարշապատ, 1904
  • «Նեղ Օրերից Մէկը», պատմութիւն, Թիֆլիս, 1904
  • «Պայքար», վէպ, Թիֆլիս, 1911
  • «Մահ», վէպ, Թիֆլիս, 1912
  • «Անհետ Կորած», պատմութիւն, թերթ «Աշխատաւոր», Թիֆլիս, 1919
  • «Սպանուած Աղաւնի», վիպակ, 1898
  • «Աննա Սարոյեան», վիպակ, Թիֆլիս, 1902
  • «Վերջին Մոհիկանը», 1930

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 180:
  • Արսէն Տէրտէրեան, Նար-Դոսի ստեղծագործութիւնը։ Գրական քննադատական ուսումնասիրութիւն, Թիֆլիս, տպարան ա. մ. Կերեսելիձեի, 1913, 75 էջ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]