Jump to content

Ուիլիըմ Սարոյեան

Ուիլիամ Սարոյեան
Ծնած է 31 Օգոստոս 1908
Ծննդավայր Ֆրեզնօ
Մահացած է 18 Մայիս 1981
Մահուան վայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Ֆրէզնոյի Երկրորդական Վարժարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Քու կեանքիդ ժամանակը, Անունս Արամ է, Մարդկային Կատակերգութիւն եւ Seventy thousand Assyrians?
Մասնագիտութիւն Թատերագիր, վիպագիր, գրող եւ բանաստեղծ
Անդամութիւն Արուեստի եւ գրականութեան ամերիկեան ակադեմիա
Ամուսին Քերոլ Կրէյս
Երեխաներ Լիւսի Սարոյեան, Արամ Սարոյեան
Ստորագրութիւն

Ուիլիամ Սարոյեան (Արամ Գարաօղլանեան) (31 Օգոստոս 1908, Ֆրեզնօ - 18 Մայիս 1981, Ֆրեզնօ[3]), ամերիկահայ գրող, թատերագիր, վիպագիր եւ բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն

Սարոյեան ծնած է 1908-ին ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ՝ հայ ներգաղթեալի ընտանիքի մէջ: 3 տարեկանին, հօր մահէն ետք, եղբայրներուն հետ յայտնուած է մանկատան մը մէջ եւ միշտ երազած է գրող դառնալ: Իր ապրուստը ապահովելու համար մանուկ հասակէն սկսած է աշխատիլ, եղած է թերթավաճառ, հեռագրատան ցրուիչ, լրագրող։ Ան շատ մեծ կարօտ ունեցած է իր հօրենական ծննդավայրը տեսնելու (զայն իրականացուցած է 1964–ին, դէպի Թիֆլիս

Սարոյեան Գրողը

Իր առաջին գիրքը՝ «Խիզախ Երիդասարդը Սաւառնող Մարզաձողին Վրայ», հռչակաւոր կը դարձնէ իր անունը։ «Կեանքիդ ժամանակը» թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու։ Իր գլխաւոր գործերէն են նաեւ «Անունս Արամ Է» պատմուածքներու ժողովածուն եւ «Սիրտս Լեռներուն Մէջ» թատերախաղը։ Թէեւ հայախօս, գրած է անգլերէն (սկսած 1933-էն):

Սարոյեանը երիտասարդ տարիներուն

Մինչեւ 70-ական տարիները, Սարոյեան արտադրած է մեծաթիւ գործեր՝ պատմուածք, վէպ, թատերակ, պատուաւոր տեղ մը բանալով իրեն՝ ամերիկեան գրականութեան մէջ: Հայեցի որոշ շունչ, երբեմն նաեւ հայկական հարցադրումներ ներկայ են Սարոյեանի գործերուն մէջ: Սարոյեանի գրականութիւնը ջերմ է եւ մարդասիրական.գրական կեանքի առաջին տասնամեակին Սարոյեան գրած է քանի մը հարիւր պատմուածք, որոնց մեծ մասը ամփոփուած են տասէ աւելի ժողովածուներու մէջ։ Սարոյեան յատկապէս կարճ պատմուածքի, նորավէպի ժանրին մէջ ներմուծած է տեղի ու ժամանակի իրողութեան հետ սերտօրէն կապուած ընկերային-հոգեբանական թարմ թեմաներ, արդիական հնչողութիւն ունեցող մարդասիրական բարոյական պատկերներ, պատումի նոր ձեւեր, քնարականութեամբ ու հիւմըրով լի հնչերանգներ, բնականութիւն եւ ճշմարտացիութիւն, պատկերներու ու կերպարներու գունագեղութիւն։ Ան թէեւ անգլերէն գրած է, բայց իր գործերուն ոգին զուտ հայկական է, իսկ կարգ մը գործերուն հերոսներն ալ՝ հայեր։ Ուիլիամ Սարոյեան ներշնչուած է իր հայկական միջավայրէն, «հին հայրենիք»ի կարօտէն, համամարդկային ազնիւ զգացումներէն: Ան ըսած է.«Ոգին, սակայն, որ զիս կը մղէ գրելու, հայոց ոգին է: Ուրեմն եւ` հայ գրող եմ»: Իր գործերը միշտ լաւ ընդունելութիւն գտած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թարգմանուած՝ բազմաթիւ լեզուներու: Սարոյեանի գրական ձեաւորման մէջ մեծ դեր կատարած է՝ ինքնակրթութիւնը, ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան ընթերցումը, հարազատ ժողովուրդի հոգեւոր մշակոյթի, աւանդութիւններու, պատմութեան տարրերու ժառանգումը, հայկական շրջապատի ազգային ինքնատիպութիւնը:

Սարոյեան մահացած է Ֆրեզնօ։ Իր կտակին համաձայն՝ իր աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան, ուր թաղուած է «Կոմիտասի Անուան Պանթէոն»ին մէջ։

Մեծանուն Գրագէտ Սարոյեան գրիչով կերտած է իր ապագայ կեանքը եւ իր տեղը գրաւած՝ անմահ գրողներու ցանկին մէջ։

Ստեղծագործութիւններ

Ուիլիամ Սարոյեանի Հ.Հ. դրամանիշ
  • The Summer of Beautiful White Horse (Սպիտակ Ձիու Ամառը), 1938.
  • My name is Aram (Անունս Արամ է), 1940.
  • The Human Comedy (Մարդկային Կատակերգութիւն), 1943.
  • Մարդկային Կատակերգութիւն, Երեւան, 1959։
  • Վեսլի Ճեքսընի Արկածները, Երեւան, 1965։
  • Ընտիր Երկեր, հատ. 1, Երեւան, 1986, հատ. 2, Եր.,1987, հատ. 3, Եր., 1988, հատ. 4, Եր., 1991։
  • Երկեր /100 ամեակի առթիւ/, հատ. 1-3, Երեւան, 2008։
  • «Տղաք եւ Աղջիկներ»,
  • «Սիրտս Լեռներուն մէջ է» (թատերախաղ),
  • «Կեանքիդ Ժամանակը»(թատերախաղ) :
  • «Հէ՛յ, ով կայ այդտեղ»(թատերախաղ),
  • «Քարանձաւի մարդիկ»(թատերախաղ),
  • «Կոտորածը Մանկանց»(թատերախաղ),
  • «Խաղողի Այգին»(թատերախաղ)

Ուիլիամ Սարոյեանի Յուշարձանը

Սարոյեանի յուշարձանը, Երեւան

2008-ին, «Համահայկական աշխարհագրական ասոցիացիա»ի հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Մոսկովեան եւ Մաշտոցի պողոտաներուն կից այգիին մէջ՝ Սայեաթ Նովայի յուշարձանի կողքին, տեղադրուած է Սարոյեանի յուշարձանը[4]:

Արձանին հեղինակն է ֆրանսաբնակ քանդակագործ՝ Դաւիթ Երեւանցին[4], որ հեղինակն է նաեւ Փարիզի մէջ տեղադրուած Կոմիտասի յուշարձանին[5]։

Ըստ ՀԿ-ի նախագահ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանի, յուշարձանի ձուլման աշխատանքները կատարուած են Փրակի մէջ[5]։

Յուշարձանին ծախսերը ապահովուած են «Համահայկական աշխարհագրական ասոցիացիա» հասարակական կազմակերպութեան կազմակերպած հանգանակութեան միջոցով[5]:

Նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Ուիլիամ Սարոյեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական միջոցառումներու ծիրին մէջ[4]։

Ծանօթագրութիններ

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից