Jump to content

Պալիի Ուլուուաթու տաճարը

Բնակավայր
Պալիի Ուլուուաթու տաճարը
Երկիր  Ինտոնեզիա

Ուլուուաթու տաճարը, շրջան՝ Պալի կղզիին մէջ:

Հոն, կանաչութեան մէջ պահուած, կը գտնուի Փուրա Լուհուր տաճարը, ուր կապիկները թագաւորի պէս կ'իշխեն: Այս տաճարը շինուած է վաղուց, ծովու աստուածներուն ի պատիւ:

Երբ այս տաճարը կը բացուի հանրութեան առջեւ, մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը սկսին անցնիլ Ուլուուաթուէն: Անիկա կը դառնայ Պալի կղզի այցելողներուն համար գրեթէ ստիպողական հանգրուան մը:

Ուլուուաթույի կապիկները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պելճիքայի` Լիէժի համալսարանէն կապիկներու մասնագէտ մը անդադար չորս ամիս ուսումնասիրած է այս անասունները` հասկնալու համար, թէ Ուլուուաթուի այս մագոգ կապիկները ինչպէ՛ս կը կազմակերպուին ուտելիք ապահովելու համար: Ի յայտ կու գայ, որ անոնք գլխարկ մը կամ արեւու ակնոցներ կը գողնան, ապա իրենց տիրոջ կը վերադարձնեն, որ տէրը իրենց փոխարէնը ուտելիք տայ[1]:

Մասնագէտը կը բացատրէ, որ ասիկա իւրայատուկ վարք մըն է: Այս վարմունքը տեսնուած է, Պալիի` Ուլուուաթույի տաճարին մէջ: Ան կը մտածէ, որ հաւանաբար այս տաճարին մէջ շրջող կապիկները գտած են այս հնարքը, ապա անոնց շուրջի կապիկները սկսած են ընդօրինակել այս վարմունքը:

Սակայն, այս փոքրիկ գողերը այլեւս չեն բաւարարուիր զբօսաշրջիկներէն գողնալով իրենց ստամոքսը լեցնող ուտելիքներ եւ խմելիքներ: Ներկայիս սովորական երեւոյթ մըն է, որ այցելու մը Ուլուուաթուի տաճարէն վերադառնայ մէկ կօշիկով, կամ` առանց ակնոցի, գլխարկի եւ գոհարեղէնի: Վերջին տարիներուն կապիկները սկսած են նաեւ մօտէն հետաքրքրուիլ նոր արհեստագիտութիւններով, որովհետեւ անոնք սկսած են գողնալ նաեւ զբօսաշրջիկներուն բջիջային հեռաձայնները եւ լուսանկարչական գործիքները[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]