Jump to content

Մարթա Արկերիչ

Մարթա Արկերիչ

Մարթա Արկերիչ (5 Յունիս 1941(1941-06-05)[1][2][3][…], Պուէնոս Այրես, Արժանթին[4][5]) արժանթինցի դաշնակահարուհի:

Արկերիչը ծնած է Արժանթին[6]։ Անոր հայրը արժանթինցի էր, իսկ մայրը Հրեայ։ Արկերիչի ազգանունը Քաթալոնեան ազգանուն մըն է ու շատ տարածուած է Արժանթինի եւ Սպանիոյ մէջ։

Շատ փոքր տարիքէն Արկերիչը կը ցուցաբերէ փայլուն երաժշտական կարողութիւններ։ Ան երկու ու կէս տարեկանին կը սկսի դաշնամուր նուագել։ Արդէն երեք տարեկանին ան հեշտութեամբ կրնար դաշնամուր՝ նուագել իր լսած մեղեդին։ Սակայն անոր երազանքը բժիշկ դառնալ էր, եւ ոչ դաշնակահարուհի։

Հինգ տարեկանին, Մարթային մայրը զինք կը ներկայացնէ դաշնամուրի ուսուցիչի մը՝ Վինսենզօ Սքարամուզզա, եւ ան փոքրիկ Մարթային մէջ կը նկատէ շատ մեծ երաժշտական տաղանդ։

Արկերիչ իր առաջին համերգը կը նուագէ ութ տարեկանին։ Ան կը կատարէ Լիւտվիկ Վան Պեթհովէնի առաջին դաշնամուրային համերգը, Ուոլֆկանկ Մոզարթի ռէ մինոր համերգը, ինչպէս նաեւ Եոհան Սեպասթիան Պախի հինգերորդ ֆրանսական համերգը։

Այնուհետեւ Արկերիչի ընտանիքը կը տեղափոխուի Եւրոպա։ Մարթան կը սորվի տարբեր եւրոպական քաղաքներուն մէջ, տարբեր վաստակաւոր ուսուցիչներու հետ։ Ան կը սորվի Անգլիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ։ Ընդամէնը երկու շաբաթուան ընթացքին ան կը շահի երկու առաջին-դիրքի մրցանակ՝ Ժընեւի եւ Իտալիոյ մէջ։

Արկերիչ համերգի մը ժամանակ, Յուլիս 2015 թուականին:

1965 թուականին ան փայլուն եւ յաջող ելոյթ մը կ'ունենայ Ֆրետերիք Շոփենի անուան դաշնակահարներու մրցոյթին։ Իր չափազանց նուրբ եւ երաժշտական նուագին շնորհիւ ան կը շահի երեք մրցանակ։ Այնուհետեւ Արկերիչը կը սկսի իր անձնական գործընթացքը։ Ան ելոյթներ ունեցած է աշխարի շատ տարբեր քաղաքներու մէջ կատարելով տարբեր ժամանակաշրջաններու երաժշտութիւններ։ Բացի մենաուագներէն ան նաեւ հանդէս եկած է տարբեր երաժիշտներու հետ՝ սենեկային ասպարէզին մէջ։ Որպէս ժիւրիի անդամ, Մարթա հրաւիրուած է տարբեր մրցոյթներու։ Արկերիչը կը զբաղի նաեւ բարեգործութեամբ եւ դէպի «մեծ բեմ» ճանապարհ բացած է տարբեր երիտասարդ դաշնակահարներու համար։ Ան ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ, օրինակ՝ 3 Կրեմմի, որպէս տարուայ լաւագոյն կատարողը։ 2001 թուականին ան ճանաչուած է որպէս տարուայ արուեստագէտը։

Այլ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
21 տարեկան Մարթա Արկերիչը, 1962 թուականին:

Արկերիչը ամուսնացած է երեք անգամ։ Անոր առաջին ամուսինը եղած է երաժշտագէտ Ռոպերթ Չենը (ազգութեամբ Չինացի)[7]։ Այս ամուսնութիւնէն ծնած է Լիտա Չենը[8], ու անոնք ամուսնալուծուեցան 1964 թուականին։ 1969-էն 1973 թուականներուն ան ամուսնացած էր Չարլզ Տութոյթի հետ[9], որուն հետ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է։ Տութոյթի հետ ան ունի մէկ զաւակ՝ Աննի Տութոյթ։ Իսկ անոր 3-րդ ամուսինը ամերիկացի դաշնակահար Սթեֆեն Քովասեւիչն է, որուն հետ ան ունի նաեւ մէկ զաւակ՝ Սթեֆանի[10]։ 1990 թուականէն սկսեալ Արկերիչը տառապած է քաղցկեղով։ Երկար դժուարութիւնէ յետոյ, ան կը բուժուի, եւ 2010 թուականին, այս հիւանդութիւնը կրկին չի նեղացներ դաշնակահարուհիին: Իր բուժման առթիւ, ան կ'ունենայ մեծ համերգ մը Նիւ Եորքի սրահին մէջ։ Ներկայիս, ան կ'ապրի իր ամենափոքր զաւակին հետ, շարունակելով իր բարեգործութիւնը՝ մասնակցելով փառատօններու:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  2. Concerts, Biography & NewsBBC.
  3. Encyclopædia Britannica
  4. 4,0 4,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #123997631 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  5. 5,0 5,1 https://www.francemusique.fr/personne/martha-argerich
  6. Tommasini Anthony (2000-03-25)։ «An Enigmatic Pianist Reclaims Her Stardom»։ The New York Times։ ISSN 0362-4331։ արտագրուած է՝ 2016-02-04 
  7. «二十八国华人演奏家"百鸟还巢"»։ News.163.com։ արտագրուած է՝ 2012-12-11 
  8. «Lyda Chen-Argerich, violinist»։ Sens Management։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 3, 2019-ին։ արտագրուած է՝ July 2, 2014 
  9. «Martha Argerich Speaks to Stephen Kovacevich»։ November 2008։ արտագրուած է՝ 2015-10-27 
  10. Hauptfuhrer Fred, Vespa Mary (1980-04-07)։ , 20076190, 00.html «A Top Woman Pianist, Martha Argerich, Nearly Gave Up Her Steinway for Steno»։ people.com։ արտագրուած է՝ 2014-07-02