Jump to content

Մասլենիցա

Մասլենիցա
Масленица

«Մասլենիցա». Փիոտր Կրուզինսքի, 1889
Այլ կերպ Պլինինա. Մասլենիցայի շաբաթ
Տեսակ Սլաւոնական տօն եւ դիմակահանդէս
Ենթադաս Սլաւոնական աւանդական օրացոյց
Կը տօնուի Ռուսաստան, Պելառուսիա եւ Ուքրանիա
սկսած 12-28 Փետրուար, 2018
մինչեւ 4-10 Մարտ,2019
կը տօնեն արեւելեան սլաւոններ
Անուանուած է կարագ


Մասլենիցա (ռուս.՝ Масленица, Масляница, ուքր.՝ Масниця, պելառուսերէն՝ Масленіца, Масленка), արեւելեան սլաւոններու աւանդական տօնը, որ կը նշուի Մեծ Պահքէն առաջ[1], մէկ շաբթուան տեւողութեամբ եւ իր ծիսակարգերուն մէջ կը պահպանէ սլաւոնական դիցաբանութեան կարգ մը տարրեր: Արեւելեան սլաւոններու ժողովրդական օրացոյցին մէջ տօնը կը նշանակէ ձմրան եւ գարնան, ինչպէս նաեւ՝ ուտիսի եւ Մեծ Պահքի սահման:

Մասլենիցայի ամսաթիւը ամէն տարի կը փոխուի՝ ըստ Զատկուան տօնին: Մասլենիցայի տօնակատարութեան աւանդական խորհրդանիշներն են՝ Մասլենիցայի խրտուիլակը, զուարճանքները, խրախճանքը, սահնակով սահիլը, իսկ պելառուսերու եւ ուքրանացիներու մօտ՝ նաեւ խմորեղէնները:

Տօնական ծէսերուն ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Զբօսանք Մասլենիցայի ընթացքին». Կոնստանդին Մաքովսքի, 1869
  • Ըստ Պորիս Ռիպաքովի, նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին, Մասլենիցա կոչուած տօնը կը նշէին գարնանամուտին, որ կարգ մը ազգերու մօտ, որոնք կ'օգտագործեն արեւային օրացոյցը, կը հանդիսանայ Նովուզ նոր տարուան սկիզբը:
  • Նիքոլա Տուպրովսքի կը նկատէ, որ Մասլենիցայի կարգ մը ծէսեր զուտ ձմեռնային են եւ չեն կրնար նշուիլ գարնան: Ան կ'ենթադրէ, թէ Մասլենիցայի ծէսերը յառաջացած են Վլասիայէն, որուն «մօրուքը իւղի մէջ էր»: Պելառուսիոյ մէջ ասացուածք մը պահպանուած է. «Վլասէն շերեփ մը իւղ վերցուր»: Փոլեսիէի մէջ մինչեւ օրս Հինգշաբթին կ'անուանեն «Վլասյէ» կամ «Վոլոսի»:
  • Խորհրդային բանահաւաք Վլատիմիր Փրոփ, զարգացնելով Վիլհելմ Մանհարտթի եւ Ճէյմս Ֆրեզերի գաղափարները, Մասլենիցայի ծիսակարգերու գլխաւոր նպատակը կը համարէ բերրիութեան խթանումը, որ յատկապէս գործնական է դաշտային աշխատանքները սկսելու ատեն:
  • Տօնը կը մարմնաւորէ Մասլենիցայի խրտուիլակը, որ կը հանդիսանայ հին ատեն մահացած եւ յարութիւն առած աստուածութեան արձագանգը: Վլատիմիր Փրոփի կարծիքով, խրտուիլակը ներկայացուած է իբրեւ բերրիութեան եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ, եւ այդ ծէսերը կը տեղեկացնէին հողին պտղաբերութիւնը: Խրտուիլակին մոխիրը կամ նոյն պատռտուած խրտուիլակը կը տարածէին դաշտերուն մէջ: Ըստ Փրոփի, հողին բերրիութիւնը շատ կարեւոր էր, ուստի «անոնք մտածած են միայն բերքի կամ բերրիութեան մասին», յատկապէս գարնան, երբ հողը կ'արթննայ ձմեռնային քունէն եւ կը սկսի պտուղ տալ: Պտղաբերութիւնը կը խթանէ նաեւ խրտուիլակ այրելը՝ հին եւ չորցած բերքին ոչնչացումը:
  • Մասլենիցայի կարգ մը ծէսեր, ինչպէս օրինակ՝ Համբոյրի ծէսը, լեռներէն սահիլը, ձիերով պտոյտները եւ ամուրիներու կատակային հետապնդումները, կապուած են նորապսակներու եւ ամուրի երիտասարդներու հետ: Անով հասարակութիւնը ցոյց կու տար ամուսնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ բնակչութեան վերարտադրութեան համար եւ անով իսկ կ'ոգեւորէր երիտասարդները:
Ռուս աղջնակ մը՝ Սլաւոնական Մասլենիցայի տօնակատարութեան ընթացքին, աւանդական գլխարկով (Քօքօշնիկ):
  • Բեղմնաւորումը անքակտելիօրէն կապուած է հողի պտղաբերութեան եւ անասուններու բեղնաւորման հետ: Բերրիութիւնը կը խթանէ Մասլենիցայի երրորդ կողմը՝ յիշատակումը: Հեռացած նախնիները, գիւղացիներու պատկերացումով գտնուած են այլ աշխարհի եւ երկրի մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք կրնան ազդել բերրիութեան եւ պտղաբերութեան վրայ: Ուստի չափազանց կարեւոր է ոչ թէ զայրանալ նախնիներուն վրայ, այլ յարգել զանոնք: Այդ բոլորին համար, Մասլենիցայի մէջ գոյութիւն ունի հոգեհանգիստի արարողութիւնը, գերեզմանոց այցելութիւնը, հոգեճաշ մատուցելը, ինչպէս նաեւ նրբաբլիթներ պատրաստելը: Նրբաբլիթները սլաւոնական ժողովուրդներուն մօտ բնաւ ալ արեւը չեն խորհրդանշած, այլ՝ միշտ եղած են յիշատակի ուտեստ:
  • Պատրիարք Ատրիան կը փորձէ ոչնչացնել այդ «դիւային տօնը»: Սակայն չի յաջողիր եւ 8 օրով կը կրճատէ անոր տեւողութիւնը: Հետազօտողները կը նշեն արեւմտա-եւրոպական դիմակահանդէսին եւ ռուսական Մասլենիցային կապը: Օտարերկրացի մը՝ Իվան Դ. Մոսկուա գտնուած առիթով կը գրէ.
Մասլենիցան ինծի կը յիշեցնէ իտալական դիմակահանդէսը, որ միաժամանակ նոյն ձեւով կը նշուի: Դիմակահանդէսը Մասլենիցայէն կը տարբերի միայն անով, որ Իտալիոյ մէջ այդ օրերուն տիւ ու գիշեր կը շրջին ձիաւորներու պահակախումբերն ու հետիոտներու քաղաքային պահակախումբերը, որոնք կը հետեւին տեղի կարգ ու կանոնին: Իսկ Մոսկուայի մէջ այդ նոյն պահակախումբերը գինի կը խմեն եւ ժողովուրդին հետ կը զուարճանան:
Մալսենիցայի տօնակատարութիւն՝ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ, 6 Փետրուար 2006:
  • Ժամանակակից ռուս բանահաւաք Անտրէյ Մորոզի կարծիքով, հիմք չկայ պնդելու, որ Մասլենիցան հեթանոսական տօն մըն է, որովհետեւ Մասլենիցան կ'ընդգրկէ նաեւ եկեղեցական ծէսեր: Գլխաւոր մասը, ուր «հեթանոսութիւն կը բուրէ», կը համարուի խրտուիլակին այրումը: Բայց իրականութեան մէջ այդ խրտուիլակը երբեք ալ կուռքի նմանակը չի համարուիր, իսկ բուն ծէսը ամենայն հաւանականութեամբ ունի խաղային արմատներ:

Մասլենիցայի շաբաթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մասլենիցան Ուքրանիոյ փոսթային նամականիշին վրայ, 2003

Ամբողջ շաբաթը կը բաժնուի երկու մասի՝ Նեղ Մասլենիցա եւ Լայն Մասլենիցա: Նեղ Մասլենիցա կը համարուին առաջին երեք օրերը՝ Երկուշաբթին, Երեքշաբթին եւ Չորեքշաբթին: Լայն Մասլենիցան այդ վերջին 4 օրերն են՝ Հինգշաբթին, Ուրբաթը, Շաբաթը եւ Կիրակին: Առաջին երեք օրերու ընթացքին կարելի էր զբաղիլ տնային գործերով, իսկ Հինգշաբթի օրէն սկսեալ բոլոր աշխատանքները կը դադրին եւ կը սկսի Լայն Մասլենիցան:

ժողովուրդին մէջ Մասլենիցայի ամէն մէկ օրը ունի իր անուանումը.

  • Երկուշաբթի՝ հանդիպում,
  • Երեքշաբթի՝ խաղեր,
  • Չորեքշաբթի՝ քաղցրաւենիք,
  • Հինգշաբթի՝ զբօսանք,
  • Ուրբաթ՝ զոքանչի երեկոյ,
  • Շաբաթ՝ հարսանեկան հաւաքոյթներ,
  • Կիրակի՝ ճամբել (աւարտ)։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Մասլենիցա»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-01-07-ին։ արտագրուած է՝ 2021-12-17 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]