Jump to content

Արամէ

Արամէ
Իշխանութիւն Ք.Ա. 860-Ք.Ա. 840
Ծնած է՝ ՔԱ 9-րդ դար կամ անհայտ[1]
Ծննդավայր Վանի Թագաւորութիւն
Մահացած է՝ անյայտ
Քաղաքացիութիւն Վանի Թագաւորութիւն[1]
Յաջորդող Սարտուրի Ա.
միապետ

Արամէ (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ), Վանի թագաւորութեան արքայ՝ 860-840 թուականներուն։

Արամէի մասին տեղեկութիւններ պահուած են Ասորեստանի Սալմանասար Գ. թագաւորի (859-824) արձանագրութիւններուն մէջ։ Ան ետ մղած է Սալմանասար Գ.-ի յարձակումները, պահպանած է երկիրի ռազմաքաղաքական հզօրութիւնը, ընդարձակած է թագաւորութեան սահմանները։ Արամէի մասին կը յիշուի Արամ թագաւորի մասին գրուած ժողովրդական աւանդավէպին մէջ։[2] Սալմանասար Գ. քանի մը անգամ արշաւանքներ կը կազմակերպէ Ուրարտուի դէմ, որոնցմէ 857-ին Արամէ դուրս կու գայ ասորեստանցիներուն դէմ, սակայն պարտութիւն կը կրէ։ Արամէի գործունէութիւնը ենթահող մը կը պատրաստէ իր յաջորդներուն արտաքին քաղաքականութեան ի նպաստ։ Արամէ պետութեան սահմանները կը տարածէ հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսային եւ արեւմտեան ուղղութիւններով։ 845-ին Ասորեստանի թագաւորը կրկին կը վերադառնայ եւ Տիգրիսի ակունքին մէջ քանդակել կու տայ իր պատկերը, ուր կը ձգէ նաեւ հսկայ արձանագրութիւն մը։ Այդ արձանագրութեան մէջ ան Ուրարտուի թագաւոր կ'անուանէ Արամէն[3]։

  • М. В. Никольский, Клинообразные надписи Ванских царей, открытые в предлах России, «Древности восточные», 1893, том 1, в. 3, ст. 399.
  1. 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր առաջին։ Երեւան: ՀՀ ԳԱԱ, Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութիւն։ 2005։ էջ էջ 151-152 
  3. Նիկողայոս Ադոնց «Հայաստանի պատմութիւն», Երեւան, 1972