Jump to content

Կուամի Ճակատամարտ (1944)

The printable version is no longer supported and may have rendering errors. Please update your browser bookmarks and please use the default browser print function instead.
Կուամի Ճակատամարտ
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմ
Խաղաղական ովկիանոսի պատերազմ
'
Թուական 21 Յուլիս - 10 Օգոստոս
1944
Վայր Կուամ
Մարիանեան կղզիներ
Արդիւնք ԱՄՆ յաղթանակ
Հակառակորդներ
ԱՄՆ Ճափոնական կայսրութիւն
Հրամանատարներ
Ռոյ Սթենլի Կէյկեր Տաքէսի Տակաշիմա
Հիդեյոշի Օբաթա
Կողմերու ուժեր
36 000 18 500
Կորուստներ
3 000 18 000

Կուամի երկրորդ ճակատամարտ (21 Յուլիս-10 Օգոստոս),Ամերիկայի զօրքերու կողմէ Կուամի (Մարիանեան կղզիներուամենամեծ կղզին) գրաւումը՝ ճափոնական բանակին կողմէ: Տեղի ունեցած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ` Խաղաղական Ովկիանոսի պատերազմի ընթացքին:

Պատմութիւն

Կուամ ունի 341.18 քառակուսի քիլոմեթր տարածք եւ Մարիանեան կղզիներու ամենամեծ կղզին կը հանդիսանայ[1][2]: Կուամ եղած է ԱՄՆ-ու իշխանութեան տակ 1898-էն ի վեր, երբ ԱՄՆ-ի զօրքերը գրաւած էին զայն սպանական զօրքերէն: 10 Դեկտեմբեր 1941-ին, ճափոնական զօրքերը ԱՄՆ-էն գրաւեցին Կուամը, որ Փերլ Հարպորի վրայ յարձակման շարունակութիւնն էր: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի դաշնակցային տերութիւններու պատասխան գործողութիւնները երկար չտեւեցին: «Ֆորագեր» գործողութիւնը կը ծրագրէր նախապատրաստական ռմբակոծումներ իրականացնել, առաջին հերթին Մարշալեան կղզիներու մէջ տեղակայուած աւելորդ նաւով, ապա նաեւ այլ ուղղութիւններով[2]:

Սաիփան, Տինիան եւ Կուամը ճափոնական ռազմական հրամանատարութեան կողմէն որպէս թիրախներ ընտրուած էին, որովհետեւ նշուած կղզիներու տեղաբաշխուածութիւնը թոյլ կու տար զանոնք ռազմական կարեւոր հենակէտերու վերածել եւ յաջողութիւնը դէպի Ֆիլիփին եւ Թայուան հասցնել[2]: Սաիփանի ներխուժումը ծրագրուած էր իրականցնել 15 Յունիս 1944-ին, իսկ Կուամի մէջ զօրքեր բերելը՝ 18 Յունիսին: Սկզբնական ժամանակացոյցը բաւականին լաւատէս կը թուէր: Սակայն դաշնակցային ուժերը ստիպուած էին մարտավարութիւնը փոխել, որովհետեւ ճափոնի զօրքերու դիմադրութիւնը անկարելի դարձուց կղզիին գրաւումը եւ ստիպեց մօտ մէկ ամիս սպասել[2]: ԱՄՆ-ի ռազմածովային եւ ռազմաօդային ռմբակոծութիւնները 11-13 Յունիս (1944) տեւեցին` ներառելով 216 ռմբակոծիչներ: Այսպիսի մեծ տարողութեամբ յարձակման ընթացքին, շուրջ 12 ճափոնական նաւեր խորտակուեցան։ 27 Յունիսին ամերիկեան ռազմանաւերը` կործանիչներու աջակցութեամբ նոր գրոհի սկսան կղզիի ուղղութեամբ[2]:

Ճակատամարտ

Կուամի ռմբակոծութիւնը 14 Յուլիս-ին` ճակատամարտէն առաջ:
ԱՄՆ ծովայիններու ափհանումը կղզիին մէջ:
Կուամի գրաւման առաջընթացը ցոյց տուող քարտէս:

Կուամը, անմատչելի ժայռերով եւ ծանծաղուտներով շրջապատուած ըլլալով, իսկական մարտահրաւէր եւ պատուհաս կը թուէր որեւէ յարձակողի համար[2]: Ամերիկեան նախապատրաստական թիմը՝ անօգնական,իր դէմ ելլող խոչընդոտները յաղթահարեց 14-17 Յուլիսին: Չնայած այս բազմաթիւ խոչընդոտներուն` ամերիկեան զօրքերը Օրոթէ թերակղզիի երկու կողմերէն դուրս եկան` Կուամի արեւմտեան կողմը, Ափրա Հարբորը ազատագրելու նպատակով[2]: ԱՄՆ–ու ռազմածովային Երրորդ ստորաբաժանումը Օրոթէ թերակղզիի հիւսիսային հատուածին մօտեցաւ, իսկ Առաջին ռազմածովային ստորաբաժանումը հարաւային հատուածին[2]: Ափհանումը կ՛ուղղեկցուէր թեժ մարտերով եւ բազմաթիւ կորուստներով, բայց ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Սակայն այս մէկը միայն սկիզբն էր. ճափոնական ուժերը յատկապէս գիշերները հակայարձակումներու կը դիմէին հակառակորդին կորուստներ պատճառելու եւ ուժերը ջախջախելու համար: Բայց այս հակայարձակումները լաւ արդիւնքեր չունեցան[3]: 23-24 Յուլիսին, Ամերիկայի բանակի 77-րդ հետեւակային բաժինը աւելի բարդ ճակատագիր որոշած էր ցամաք հանելու համար[2]: Ցամաք հանելու մեքենաներու կարիքը ունենալով` զինուորներուն ափ իջեցուցին՝ ցամաքին վրայ, եւ անմիջապէս յայտնուեցան ճափոնական ուժերու գնդակոծման տակ[4]: Նոր ուժերու դէպի Կուաամ ուղարկումը աւելի կը դժուարանար. ցամաք ելլող նաւերը չէին կրնար ափին մօտենալ կրակոցներու պատճառով, իսկ ցամաք հանելու մեքենաներ չկային: 25 Յուլիս–ին, Ամերիկեան ռազմական առաջին կիսաբաժինը շրջափակման ենթարկուած էր Օրոնթէ թերակղզիին մէջ, եւ օղակը աւելի կը նեղնար: Նոյն գիշերը, ճափոնական զօրքերու հրամանատար Ժեներալ-Լէյտենանտ Տակաշին գործողութիւն նախատեսած էր իրականացնել նաեւ Երրորդ բաժինի նկատմամբ, որ հիւսիս կը գտնուէր[2]Կաղապար:Rp: Յաջորդ օրը ժեներալ Օբաթան հաղորդեց. «մեր զօրքերը ձախողեցան ցանկալի նպատակներուն հասնելու գործին մէջ»[2]Կաղապար:Rp: 28 Յուլիս-ին ժեներալ-լէյտենանտ Տակեշի Տակաշինան զոհուեցաւ, եւ ընդհանուր հրամանատարութիւնը ժեներեալ Օբաթան ստանձնեց[2]Կաղապար:Rp: Արդէն 28 Յուլիս-ին երկու հենակէտերն ալ ամերիկեան հսկողութեան ներքեւ վերցուած էին, եւ մինչեւ 29 Յուլիս ամերիկեան զօրքերը ամբողջ թերակղզին կը վերահսկէին[2]Կաղապար:Rp: Ճափոնցիներու հակայարձակումները ամերիկեան յենակէտերուն վրայ ուժասպառ ըրին զանոնք: Օգոստոսի սկզբը ճափոնցիները զէնքի եւ պարէնի խիստ կարիքը ունեցան: Արդիւնքը այն էր, որ ժեներալ Օբաթան իր զօրքերը դուրս բերաւ Կուամի հարաւային շրջաններէն` նպատակ ունենալով կղզիի լեռնային հատուածներուն մէջ դիմադրութիւնը շարունակել[2]Կաղապար:Rp: Ամերիկեան ուժերու յաջողութիւնը եւ յառաջխաղացքը արագանալով, նոյն օրը ազատագրեցին նաեւ Ագանան[2]Կաղապար:Rp: Իսկ Տիյան ազատագրուեցաւ 1 Օգոստոս-ին[2]Կաղապար:Rp: Անտառներու մէջ մարտնչիլը, չափազանց բարդ էր ամերիկեան զօրքերուն համար: Բայց անոնք աննկուն էին եւ Բարրիգադա լերան շրջանին մէջ, 2-4 Օգոստոսի ընթացած թէժ մարտերու պատճառով, ճափոնական պաշտպանական գիծը փլուզուեցաւ[2]Կաղապար:Rp: Ճափոնի միւս կարեւոր յենակէտը` Սանտա Ռոզա լեռը ազատագրուեցաւ 8 Օգոստոսին[2]Կաղապար:Rp: 10 Օգոստոսին, ճափոնի կազմակերպած դիմադրութիւնը վերջնականապէս քանդուեցաւ[2]Կաղապար:Rp: Յաջորդ օրը` Ճափոնի յղած հրաժեշտի խօսքէն ետք, ժեներալ Օբաթան, վարչական իր գրասենեակին մէջ ինքնասպան եղաւ[2]Կաղապար:Rp:

Հետեւանքներ

ԱՄՆ ծովայիններ
Կուամի ազատագրման մասնակցած երեք ամերիկեան սպաներ:

Կուամի ճակատամարտէն ետք, որոշ ճափոնցի զինուորներ անտառներու մէջ ապաստան գտան[2]Կաղապար:Rp: 8 Դեկտեմբեր 1945-ին, երեք ամերիկեան ծովայիններ սպանուած էին անոնց կողմէն: 24 Յունուար 1972-ին, քանի մը որսորդներ, ճափոնական բանակի քսանապետ Յոկոյին յայտնաբերեցին անտառներու մէջէն: Ան քարայրին մէջ ապրած էր շուրջ 28 տարի:

Կուամի ազատագրման գործողութենէն ետք այնտեղ դաշնակցիներու ռազմական կայանները տեղակայուեցան` ճափոնական տարածքներու վրայ յարձակումը իրականացնելու նպատակով[2]Կաղապար:Rp:

Ծանօթագրութիւններ

  1. «Guam's Geography at ns.gov.gu»։ ns.gov.gu։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1996-10-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-02 
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 2,12 2,13 2,14 2,15 2,16 2,17 2,18 2,19 2,20 2,21 Rottman, G. (2004)։ Guam 1941 & 1944: Loss and Reconquest։ Oxford: Osprey Publishing։ ISBN 9781841768113 
  3. Gailey (1988), pp.90–112.
  4. Video: Allies Study Post-War Security Etc. (1944)։ Universal Newsreel։ 1944։ արտագրուած է՝ 21 February 2012 

Գրականութեան Ցանկ

Արտաքին Յղումներ