Մատինա (արաբերէն՝ المدينة المنورة‎՝ ալ-Մատինա ալ-մունաուարա՝ «լուսաւորեալ քաղաք»), նախաիսլամական շրջանին՝ Եասրիպ (արաբերէն՝ يثريب‎), քաղաք Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ Մեքքայէն 350 Քմ հիւսիս։

Բնակավայր
Մատինա
արաբերէն՝ المدينة المنورة
Երկիր  Սէուտական Արաբիա[1]
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ 9-րդ դար
Տարածութիւն 589 քմ²
ԲԾՄ 608±1 մեթր
Բնակչութիւն 1 411 599 մարդ (2022)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ amana-md.gov.sa(արաբ.)

Մատինա հիւսիսէն հարաւ կ'երկարի ովասիս մը, որ ունի 4.5-5 քմ լայնք, 10-11 քմ երկայնք։ Քաղաքը կը շրջապատեն 3 հովիտներ, որոնք կը միանան Իտամ, այժմ՝ ալ-Համտ հովիտին մէջ։ Ովասիսը աւելի անձրեւներով ողողուն է, քան Մեքքան։ Բացի ատկէ, կան ջրհորներ եւ երկիրին մակերեւոյթին մօտ են ստորերկրեայ ջուրերը։ Ջուրի առկայութեան շնորհիւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են երկրագործութեան զարգացման համար. Մատինա եղած է եւ կը մնայ Հիժազի երկրագործութեան մեծագոյն կեդրոնը՝ շուրջ 2000 հա։

Ճամբաներով կապուած է Եանպօ, Ճիտա նաւահանգիստներուն եւ Մեքքայի հետ։ Բնակիչները կը զբաղին առեւտուրով, ուխտագնացները սպասարկելով, պաշտամունքի առարկաներ պատրաստելով, արմաւենիի, բանջարեղէնի մշակութեամբ։

622-ին իսլամութեան հիմնադիր Մուհամմէտ Մաքքայէն եկած եւ վերաբնակած է հոս եւ ստեղծած իսլամական համայնքը։ Է. դարէն Մատինա իսլամութեան երկրորդ սրբազան քաղաքը կը համարուի (Մեքքայէն ետք)։ Մատինայի մէջ կը գտնուի Մուհամմէտի գերեզմանը։ Ունի մեծ մզկիթ մը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել